2014-11-08 08:11:00

Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիին նուիրուած ցուցահանդէս ՄԱԿի` Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ։


(Ռ.Վ. 8 նոյեմբեր 2014) Այս առաջին անգամն է որ ս. Ֆրանչիսկոս մուտք կը գործ է ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի աթոռը, ուր 17-28 Նոյեմբերին պիտի ցուցադրուին սուրբին սեփական ձեռագրերն ու վաւերաթուղթերը։
Ցուցադրութեան նշանաբանն է. ''Եղբայր ֆրանչիսկոսը. հետքեր, խօսքեր, պատկերներ''։ Ցուցադրութիւնը ապա հանգրուան պիտի կատարէ Պրուքլինի ''Bourough Hall''` 2 դեկտեմբեր 2014-էն մինչեւ 14 Յունուար 2015։
Ս. Ֆրանչիսկոս իր ժամանակի վերին իշխանութիւններուն, հիւպատոսներուն ու վարիչներուն ուղղած նամակներուն մէջ հետեւեալը կը գրէր. ''եղբայր ֆրանչիսկոսը կը մաղթէ առողջութիւն ու խաղաղութիւն''։ Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած ԱՄՆ-ի դեսպանը` Քէն Հաքէթ յայտարարած է որ ս. Ֆրանչիսկոս մեծապէս սիրուած է ամերիկացիներէն, վստահ եմ որ ԱՄՆի ժողովուրդը մեծ ընդունելութիւն պիտի վերապահէ ցուցահանդէսին, ըսած է ան ու ընդգծած թէ` ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ընտրութեամբ յատուկ նշանակութիւն տրուեցաւ ս. Ֆրանչիսկոսի կեանքին ու առաքելութեան։ Ան եղած է երկխօսութեան, մշակոյթի ու խաղաղութեան մարդ։ Ան կը ներկայանայ որպէս խաղաղութեան, հանրութեան ու բնապահպանութեան սուրբը։ Ցուցահանթէսին կը ներկայացուին 13-րդ դարէն 14-րդ դարու 19 ձեռագիրներն ու վաւերաթուղթերը, որոնց շարքին քահանայապետական կոնդակներ եւ 13-րդ դարու` 338 գեղագիր ու գեղազարդ օրինագիրքը', որ կը ներփակէ հանրածանօթ 'արարչագործութեան տաղը' որ եկեղեցական գեղեցկագոյն բանաստեղծութիւններէն մէկը կը նկատուի, իսկ 'Եղբայր Արեւ' տաղը կը նկատուի իտալական գրականութեան առաջին գրութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.